ԾՆՈՒՆԴ «Բ» մաս.Եւ որոնք են ճշմարիտ երկրպագողները Քրիստոսի:Հարցուցէք մոգերուն,«Եւ իրենց գանցերը բանալով ընծաներ տուին Անոր ոսկի կնդրուկ եւ զմուռս»:ՄԱՏԹ.2:11. Անոնք որոնք կը բանան իրենց սրտի գանձերը,կը նուիրեն Անոր իրենց ամէնէն թանկագին նուէրները,կը զոհեն իրենց եսասիրութիւնը,սնափառութիւնը,իրենց պաշտած կուռքերը,ու հոգեւոր պատարագին հետ կը մատուցանեն նաեւ նիւթականը:Ասոնք են ճշմարիտ երկրպագո ղները:ճշմարիտ երկրպագութիւնն է փրցնել սրտէն ու տալ Աստուծոյ եւ տալ կարօտեալին,բան մը խլել մեր հաճոյքէն,երջանկութենէն եւ նուիրել որբին,սրբել արցունքը խեղճին,հացը ըլլալ անօթիին,նւիրուիլ ,ընծայուիլ,պատարագուիլ,ահա ճշմարիտ եւ անկեղծ երկրպագութիւնը:Արդ կ'աղաչեմ ձեզի եղբայրներ Աստուծոյ ողորմութիւնովը որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը,Սուրբ,Աստուծոյ հաճելի որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը:ՀՌՈՎՄ.12:1.Աստուծոյ ու Հօրը քով ճշմարիտ երկրպագութիւնը այս է,որբին ու որբեւայրիին տես երթալ իրենց նեղութեան ու անձը անարատ պահել աշխարհէն ՅԱԿ.1:27. շար.