ՇԱՐԺԱՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՄԱՆ 18-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2016-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմէն ներս նշուեցաւ Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ օծման եւ համալիրի բացման 18-րդ տարեդարձը նախագահութեամբ թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի: Հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ թեմէն ներս հիւրաբար գտնուող Գերաշնորհ` Տէր Վարուժան Արք. Հերկելեանի կողմէ:
Սրբազանը իր քարոզին մէջ մատնանշեց առաջին հերթին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի ունեցած Աստուածաշնորհ դերակատարութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ ու Հայաստանի քրիստոնէացման նկատմամբ: Ապա անդրադառնալով ընդհանրապէս Սփիւռքի տարածքին վրայ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգային կառոյցներու դերակատարութեան մասին, ան շեշտեց թէ մենք այս օտար տարածքներուն մէջ մեր հայութիւնը ու հաւատքը պահած ենք մեր եկեղեցիներուն ու համայնքի կեդրոններուն միջոցաւ: Ապա պատգամը աւարտեց խօսելով տարեդարձի ու անուանակոչութեան կարեւորութեան մասին:
Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կատարուեցաւ աւանդական Մատաղօրհնէքը:
Նշենք թէ հինգշաբթի 8 Դեկտեմբեր երեկոյեան ժամը 7-ին տեղի ունեցաւ Աղօրհնէքի արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը օրհնեց «Դ» տառը զետեղելու համար եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնած քարեղէն Այբուբենի յուշարձանին մէջ՝ որուն իւրաքանչիւր տառի օրհնութիւնը վիճակուած է հայ եկեղեցականներուն: